Loading Bible Translation
First-time download in progress. This may take a few seconds…
Armenian Holy Bible Wordproject Bible
5 verses
1Տէրոջը յուսացողները Սիօն լերանը պէս են, Որ չսասանիր, հապա յաւիտեան կը մնայ։
2Ինչպէս Երուսաղէմ լեռներով շրջապատուած է, Նոյնպէս Տէրը իր ժողովուրդին չորս կողմն է Ասկէ յետոյ մինչեւ յաւիտեան։
3Վասն զի ամբարշտին գաւազանը արդարներուն վիճակին վրայ պիտի չմնայ, Որպէս զի արդարները ձեռքե��նին անօրէնութեան չերկնցնեն։
4Ո՛վ Տէր, բարիք ըրէ բարիներուն Ու սրտով ուղիղներուն։
5Սակայն զանոնք որ իրենց ծուռ ճամբաներուն մէջ կը մոլորին, Տէրը պիտի կորսնցնէ անօրէնութիւն ընողներուն հետ։ Խաղաղութիւն ըլլայ Իսրայէլի վրայ։