Loading Bible Translation
First-time download in progress. This may take a few seconds…
Armenian Holy Bible Wordproject Bible
5 verses
1Եթէ Տէրը չշինէ տունը, Զուր տեղ կ’աշխատին անոր շինողները։ Եթէ Տէրը չպահպանէ քաղաքը, Զուր տեղ կը հսկեն պահապանները։
2Պարապ բան է ձեզի համար կանուխ ելնելը եւ ուշ հանգչիլը Ու ցաւով հաց ուտելը։ Արդարեւ անիկա իր սիրելիին քուն կու տայ։
3Ահա տղաքը Տէրոջը ժառանգութիւնն են. Որովայնի պտուղ�� անոր պարգեւն է։
4Ինչպէս են նետերը զօրաւորին ձեռքին մէջ, Այնպէս են երիտասարդներուն տղաքը։
5Երանի՜ այն մարդուն, Որ իր կապարճը անոնցմով լեցուց։ Երբ դրանը մէջ թշնամիներուն հետ խօսելու ըլլան, Պիտի չամչնան։