Loading Bible Translation
First-time download in progress. This may take a few seconds…
Armenian Holy Bible Wordproject Bible
7 verses
1Իմ ձայնովս Տէրոջը կ’աղաղակեմ, Իմ ձայնովս Տէրոջը կ’աղաչեմ։
2Իմ գանգատս անոր առջեւ կը թափեմ. Իմ նեղութիւնս անոր առջեւ կը պատմեմ։
3Երբ հոգիս իմ մէջս կը նուաղէր, Դուն իմ շաւիղս գիտցար։ Իմ քալած ճամբուս մէջ Ինծի համար գաղտուկ որոգայթ լարեցին։
4Աջ կողմս կը ��այիմ ու կը տեսնեմ թէ Ոչ ոք կը ճանչնայ զիս։ Ապաւէնը ինծմէ կորսուեցաւ. Բնաւ մէկը չկայ, որ իմ անձիս համար հոգ ընէ։
5Ո՛վ Տէր, քեզի աղաղակեցի Ու ըսի. «Դո՛ւն ես իմ ապաւէնս Եւ իմ բաժինս կենդանիներու երկրին մէջ։
6Ակա՛նջ դիր իմ աղաղակիս, Վասն զի շատ նուաստացայ։ Ազատէ՛ զիս իմ հալածիչներէս, Վասն զի ինծմէ զօրաւոր են։
7Իմ անձս բանտէն հանէ՛, Որպէս զի քու անուանդ գոհութիւն մատուցանեմ։ Արդարները իմ չորս կողմս պիտի պատեն, Երբ ինծի բարութիւն ընես»։