Loading Bible Translation
First-time download in progress. This may take a few seconds…
Armenian Holy Bible Wordproject Bible
5 verses
1Տէ՛ր, ո՞վ պիտի կենայ քու վրանիդ մէջ, Ո՞վ պիտի բնակի քու սուրբ լերանդ վրայ։
2Ան որ անմեղութեամբ կը քալէ ու արդարութիւն կ’ընէ Եւ ճշմարտութիւն կը խօսի իր սրտէն։
3Ան որ լեզուովը չի զրպարտեր, Ընկերին չարութիւն չ’ըներ, Եւ իր դրացիին վրայ նախատինք չի դներ.
4Որուն առջ��ւ անարգուած է չարագործը, Բայց աստուածավախները կը պատուէ. Երդում կ’ընէ իր վնասին ու չի դառնար.
5Իր արծաթը վարձքով չի տար Ու անմեղին դէմ կաշառք չ’առներ։ Ով որ ասոնք կ’ընէ, յաւիտեան պիտի չսասանի։