Loading Bible Translation
First-time download in progress. This may take a few seconds…
Armenian Holy Bible Wordproject Bible
8 verses
1Ո՛վ Աստուած, լսէ՛ իմ աղաղակս Ու մտիկ ըրէ՛ իմ աղօթքիս։
2Երկրի ծայրէն քեզի պիտի կանչեմ՝ սրտիս մարելու ատենը, Դէպի ինծմէ բարձր եղած վէմը առաջնորդէ՛ զիս։
3Վասն զի դուն ինծի ապաւէն եղար, Ամուր աշտարակ մը՝ թշնամիին դէմ։
4Ես քու խորանիդ մէջ պիտի բնակիմ յաւիտեան. Քու ��եւերուդ հովանաւորութեանը տակ պիտի ապաւինիմ։ (Սէլա։)
5Վասն զի դուն՝ ո՛վ Աստուած՝ լսեցիր իմ ուխտերս. Քու անունէդ վախցողներուն ժառանգութիւնը ինծի տուիր։
6Թագաւորին օրերուն վրայ օրեր պիտի աւելցնես. Անոր տարիները ազգէ մինչեւ ազգ թող տեւեն։
7Անիկա յաւիտեան Աստուծոյ առջեւ պիտի նստի։ Ողորմութիւն ու ճշմարտութիւն պիտի պատրաստէ, որպէս զի զանիկա պահպանեն։
8Այսպէս սաղմոս պիտի երգեմ քու անուանդ յաւիտեան, Որպէս զի ամէն օր ուխտերս կատարեմ։