Loading Bible Translation
First-time download in progress. This may take a few seconds…
Armenian Holy Bible Wordproject Bible
5 verses
1Ո՛վ Աստուած, զիս փրկելու կամք ըրէ. Ո՛վ Տէր, ինծի օգնելու արտորցիր։
2Թող ամչնան ու խայտառակ ըլլան Իմ անձս փնտռողները։ Ետ դառնան ու ամօթով ըլլան Ինծի չարիք ուզողները։
3Թող ամչնալով ետ դառնան Անոնք որ ինծի «Վա՛շ, վա՛շ» կ’ըսեն։
4Ամէն քեզ փնտռող Քեզմով թող ցնծայ ե�� ուրախանայ Եւ քու փրկութիւնդ սիրողները Ամէն ժամանակ թող ըսեն. «Աստուած թո՛ղ մեծնայ»։
5Բայց ես աղքատ ու տնանկ եմ, Ո՛վ Աստուած, շուտով հասի՛ր ինծի։ Իմ օգնականս ու փրկիչս դուն ես, Ո՛վ Տէր, մի՛ ուշանար։